Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալջեանը, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Akyazı.net» լրատուակայքը:
Զարուհի Քաւալջեան ծնած է Թուրքիոյ Ատափազար քաղաքին մէջ` 1877-ին: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալջեան, 1875-ին աւարտած էր Պոսթընի բժշկական համալսարանը եւ Ատափազարի ու Իզմիթի մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ բժիշկ:
Զարուհին 1898-ին կ՛աւարտէ Ատափազարի Ամերիկեան իգական քոլէճը եւ նոյն թուականին կը մեկնի Ամերիկա, քանի որ Օսմանեան պետութեան մէջ կանաց արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել:
Շիքակոյի մէջ Քաւալջեան կ՛ընդունուի եւ 1903-ին կ՛աւարտէ Իլինոյսի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը, այնուհետեւ կը վերադառնայ Ատափազար եւ որոշ ժամանակ հօր հետ կ՛աշխատի իբրեւ բժիշկ: Միաժամանակ նա նաեւ Ամերիկեան քոլէճին մէջ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալջեան աշխուժօրէն կը մասնակցի վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ կը տեղափոխուի Պոլիս:
Բացի բժշկութենէն Զարուհին զուգահեռաբար կը շարունակէ դասաւանդել Ուսկիւտարի Ամերիկեան իգական քոլեճին մէջ, ուր յայտնի կը դառնայ Դոկտոր Քաւալ անուամբ:
Օսմանեան Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը` Զարուհի Քաւալջեան, մահացած է 1969-ին եւ ամփոփուած Ֆերիքէոյի հայկական բողոքական գերեզմանատան մէջ: